2015-10-13 08:38:00

''Ողորմութեան պարգեւ''` նոր ննջարանի մը բացում անօճախներու համար։


(Ռատիօ Վատիկան) 7 Հոկտեմբերին՝ տօն վարդարանի ս. Կոյս Մարիամի, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ անօճախներու յատկացուած նոր ննջարանի մը։ որուն կառուցումը կարելի եղաւ շնորհիւ Վատիկանի ''ողորմաբաշխ'' գրասենեակին։

Կառոյցը որ կը գտնուի Վատիկանի մօտ նուէրն է Յիսուսեան միաբանութեան։

Արդարեւ` Յիսուսեան միաբանութեան մայր տունը ընդառաջելով  ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչին՝  վանքերու մէկ ստացուածքը տրամադրելու  կարօտեալներուն, ուզեց Պապին տրամադրութեան տակ դնել հողաշերտ մը որ տրամադրուեցաւ կարօտեալներու հիւրընկալութեան եւ որ­­ուն բացումը կատարուեցաւ, ինչպէս նշեցինք, 7 հոկտեմբերին,  Քահանայապետի ''Ողորմաբաշխ'' գրասենեակի նախագահին մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ ու անօճախներու ննջարանի օրհնութեամբ որուն առթիւ ննջարանին տրուեցաւ ''ողորմածութեան Պարգեւը'' անունը։

Նոր կառոյցը, որուն մատակարարութիւնը յանձնուած է մայր Թերեզայի կրօնաւորուհիներուն, կարող է ընդունիլ 34 այրեր։ Նշենք որ Վատիկանը 1988էն ասդին իր հողին վրայ ունի հիւրընկալ տուն մը ճանչցուած որպէս ՝՝Ս. Կոյս Մարիամի պարգեւը'' որ կարող է հիւրընկալել 50 կիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.